By ARF AU | Tuesday, 07 March 2023
«Դաշնակցութիւնը գործից ծնաւ, ձեւաւորուեց գործի մէջ եւ եղաւ ու մնաց գերազանցաբար գործի կուսակցութիւն»
Յարգելի հիւրեր եւ ներկաներ
Սիրելի ընկերներ եւ ընկերուհիներ
Տարիներու ընդհատումէն ետք անգամ մը եւս եկած ենք Ձեր բոլորին հետ միասնաբար նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրը: Այս սովորութիւնը որ հաստատուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 10րդ ընդհանուր ժողովէն ետք տօնակատարութիւն մը ըլլալէ բացի նաեւ հաշուետուութեան օր է ուր մենք կու գանք համառօտ զեկոյց մը եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուող հաշուեկշիռ մը ներկայացնելու Ձեզի՝ մեր կողքին եղող զօրակից հանրութեան դիմաց:
Երբ կը փորձէի մտքերս ամփոփել այսօրուայ պատգամը փոխանցելու յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի հայեացքս ուղղեցի դէպի այս կուսակցութեան փառահեղ պատմութեան որ հարուստ է իր գաղափարական, կազմակերպական եւ մարտական դրուագներով ու կարելի եղած չափով համառօտ կերպով պիտի անդրադառնամ գաղուած դասերուն ու փորձեմ զանոնք համեմատել Դաշնակցութեան ծնունդէն հարիւրէ աւելի տարիներ ետք տարուած մերօրեայ գործունէութեան հետ:
Դաշնակցութիւնը Հայ ժողովուրդի վրայ պարտադրուած տառապանքի ու տանջանքի օրերու ծնունդն է ուր անոր հիմնադիրները մէկտեղեցին յեղափոխական երիտասարդութեան տեսլականը եւ Հայ ժողովուրդի պատմութեան օրհասական օրերուն հիմքը դրին Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան կուսակցութեան: Այն կուսակցութեան որուն պատմութիւնը միաձուլուեցաւ Հայոց պատմութեան հետ: «Կատարենք մեր պարտքը եւ մնացածը ունայնութիւն է» Քրիստափորի կոչին հաւատացող երիտասարդութիւնը անցաւ գործի եւ այդ պարտքը կատարելու ճամբուն վրայ նուիրաբերեց իր լաւագոյնը: Անտարբեր մնալը տարբերակ մը չէր այդ սերունդին որ անցաւ գործի: Այդ գործն էր որ ձեւաւորեց Դաշնակցութիւնը եւ տուաւ անոր մերօրեայ պատկերը:
Հիմնադրութեան օրերէն աւելի քան մէկ դար ետք երբ Հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու եւ մեր հայրենիքի ղեկավարութեան գլուխ անցած ապազգային վոհմակի զոհը կ'երթար Դաշնակցութիւնը հոն էր իր ժողովուրդին կողքին: Ու անգամ մը եւս Քրիստափորի պատգամին հաւատացողները անցան գործի յանուն մեր Հայրենիքի պաշտպանութեան քանզի անտարբեր մնալը ընդունելի չէր: Անցանք գործի մենք եւս եւ մեր հովանին տակ գործող մարմիններու ջանքերով որեւէ մէկ ճիգ չի խնայեցինք հասնելու մեր Հայրենիքի եւ հայրենակիցներուն օժանդակութեան: Արցախեան վերջին պատերազմին ու անոր յաջորդող տարիներու ընթացքին մեր գործունէութիւնը խօսուն ապացոյցն է: Քաղաքական ճնշում Աւստրալիոյ կառավարութեան վրայ, Աւստրալիոյ քաղաքական հիմնական երեք կուսակցութիւններու՝ Բանուորական, Ազատական եւ Կանաչներու պատգամաւորներու եւ կառավարական դէմքերու կոչերը այդ տարուած գործի արդիւնքներէն են: Մեր գործը հոն կանք չառաւ: Չէր կրնար առնել: Մենք մեր բողոքի ձայնը բարձրացուցինք եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Միութեան առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած ցոյցերով ու քարոզչական աշխատանքներով մեր ձայնը բարձրացուցինք ու աւելին հակառակ անոնց որոնց համար ծիծաղելի եւ անտեղի կը թուին նման աշխատանքներ կու գամ յայտարարելու որ պիտի շարունակենք բարձրացնել մեր ձայնը մինչեւ որ անոնց արձագանքը լսենք վերստին ազատագրուելիք Շուշիի բերդաքաղաքէն:
Արցախն ու Արցախահայութիւնը եղած են, էն եւ պիտի շարունակեն մնալ մեր գործունէութիւններուն հիմնական առաջնահերթութիւնը: Քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքներու կողքին մեր մարմիններուն հետ միասնաբար ձեռնարկեցինք զանազան տեսակի հանգանակութիւններ որոնց նպատակն էր ապահովել Արցախի հանրապետութեան անվտանգութիւնը: Հրապարակայնօրէն չի յայտարարուած օժանդակութիւններու կողքին մեր վերջին նախաձեռնութիւնն էր նեցուկ կանգնիլ Հայ Օգնութեան Միութեան Solar Artsakh ծրագրին:
1896 թուականին Վանի ինքնապաշտպանութիւնը դաստիարակիչ մէկ դրուագ մըն է մեր պատմութեան մէջ: Քաջութեան, յանդգնութեան եւ ազգի ու ժողովուրդի համար անսակարկ նուիրումի կողքին պէտք է նաեւ յիշել որ այդ ինքնապաշտպանութիւնը եղած էր առաջին, ու հաւանաբար եթէ պատմութեան ակնարկ մը նետենք վերջին, գործունէութիւնը որուն ընթացքին Արմենական, Հնչակեան եւ Դաշնակցութեան կուսակցութիւնները իրենց ռազմական ներուժն ու փորձառութիւնը մէկտեղելով մէկ մարդու նման իրենց համեստ կարողութիւններով կրցան դէմ դնել թշնամիի բազմահազար եւ լաւապէս զինուած զօրքին: Այդ դրուագին դաստիարակիչ դասերուն հետեւելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն կ'աշխատի գաղութիս մէջ գործող բոլոր յարանուանութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ մարմիններուն հետ ի պաշտպանութիւն մեր ազգային շահերուն: Գործի եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի հաւատացող կուսակցութեան համար հաւանաբար տարօրինակ է նման աշխատանք մը սակայն Հայրենիքի ու ազգի ծառայութեան համար գերագոյնը զոհաբերելու երդում տուած Դաշնակցականին համար Քրիստափորեան պարտքն է որ կը կատարէ: Ինչքան որ շատեր կը փորձեն պղտորել Դաշնակցութեան յանուն ազգի ու հայրենիքի միասնական աշխատանքի ուղին ինչպէս որ ժողովասենեակներու մէջ յայտարարած ենք կու գանք Ձեր դէմը եւս յայտարարելու որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն իր հովանիին տակ գործող բոլոր կազմակերպութիւններու եւ մարմիններու անունով պատրաստ էր եւ է իր ամբողջ կարողականութիւնն ու ներուժը դնելու տրամադրութեան տակ Աւստրալահայ գաղութի բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ մարմիններուն որոնք կը հաւատան, կ'աշխատին ու ճիգ չեն խնայէր գործելու եւ ոչ միայն խօսելու ի շահ մեր ազգին ու հայրենիքին:
Այսօր, երբ մեր ազգային պատկերին կը նայինք պիտի տեսնենք թէ մեծ է այդ անդունդը որ մեր Հայրենիքի ներկայ իշխանութիւնները ստեղծած են Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ: Մինչեւ այն ժամանակ որ ներկայ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի հայկականութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը սակարկութեան առարկայ դարձուցած են այդ անդունդը բաց պիտի մնայ: Այդ անդունդը փակելով է միայն որ մեր ազգը պիտի կարենայ յառաջխաղացք արձանագրել: Առ այդ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան ճամբարները որոնց միջոցաւ անցեալ տարուայ ընթացքին երկու տասնեակ մը երիտասարդներ մեկնեցան Հայաստան ուր Գորիսի եւ Նոր Նորքի մէջ աւելի քան 200 պատանիներու հետ չորս շաբթուայ տեւողութեամբ առիթը ունեցան թէ դաստիարակելու եւ թէ անոնց միջոցաւ մօտէն ծանօթանալու մեր Հայրենիքի ներկայ պայմաններուն մեկնակէտն է այդ վիհը փակելու երկար ճանապարհին:
Հակառակ այդ ստեղծուած անդունդին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը որ հիմնական դերակատարն էր Սփիւռքի մեր գաղութներու կազմաւորման աշխատանքին եւ որուն պատմութիւնը լի է այդ գաղութներու պաշտպանման դրուագներով անտարբեր չէր կրնար մնալ ի տես անոնց դժուարին պայմաններուն: Այս շրջանին, մեր կառոյցը եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ ու հասաւ մեր ազգի խարիսխ հանդիսացող Լիբանանահայութեան եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն տրամադրելով զոյգ գաղութներուն նիւթական օժանդակութիւն: Հայ Օգնութեան Միութեան առաջնորդութեամբ եւ մեր գաղութի բոլոր զաւակներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանգանակութիւններով կրցանք տրամադրել աւելի քան յիսուն հազար տոլար Լիբանանահայութեան օժանդակութեան եւ աւելի քան հարիւր հազար տոլար Սուրիահայութեան օժանդակութեան:
Նկատի ունենալով որ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի որեւէ անկիւն արձանագրուած յաջողութիւն կամ ընկրկում իր համապատասխան արձագանգ կ'ունենայ, պէ՛տք է ունենայ աշխարհի չորս դին գործող մեր կազմակերպութեան մարմիններուն վրայ վերջին երկու տարիներու հրամայականն էր վերաշխուժացնել մեր կազմակերպական կեանքը եւ առաջնորդել մեր գաղութը դուրս գալու այս անտարբերութենէն որ պարտադրուած էր մեր վրայ: Մեր մարմիններն ու հովանին տակ գործող կազմակերպութիւնները այս առնչութեամբ որեւէ ճիգ չի խնայեցին:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀՄԸՄին թիւերը օրէ օր կ'աճին: Հոն կը պատրաստուի ապագայ սերունդ մը որոնց սկաուտական եւ մարզական դաստիարակութեան կողքին նաեւ կը ջամբուի հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւն:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը ինչպէս միշտ այսօր եւս պատնէշի վրայ է ու մեր կազմակերպութեան բարեսիրական եւ մարդասիրական օժանդակութեան թեւը ըլլալէ բացի հիմնական ջահակիրն է Հայ կնոջ առաքելութիւնն ու առաքինութիւնը բարձր պահելու աշխատանքին:
Համազգայինը իր թատերախումբերով, պարախումբերով, ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցներով կը շարունակեն մնալ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման տիտանները:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւնները իրենց գործունէութիւններով կը շարունակեն մնալ այդ դարբնոցը որուն մէջ գաղափարական եւ քաղաքական դաստիարակութիւն կը սերմանուի Հայ պատանիին եւ երիտասարդութեան:
Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութիւնը, օժտուած նոր ուժերով եկաւ վերստին կարեւորելու Հայ ազատ մամուլի դերակատարութիւնը մեր գաղութի ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Անոր միջոցաւ ներկայացուած հարցազրոյցներով եւ հրապարակուած յօդուածներով ճիգ կը տանի յագեցնելու գաղութին ծարաւը:
Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնը կը շարունակէ հանդիսանալ գաղութին զաւակներուն ծառայելու հիմնական հարթակը:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի զինուորները, հակառակ քաղաքական բոլոր անբարենպաստ պայմաններուն, կը շարունակեն ըլլալ այն բանակը որ Հայրենիքի պաշտպանութեան գործը կը տանին ըլլալով առաջնագծի վրայ եւ ոչ խրամատներու մէջ:
Կազմակերպական վերաշխուժացման այս աշխատանքները սկսած են իրենց արդիւնքները տալու եւ ամիսներ առաջ Մայիս ամսուայ ընթացքին տեղի ունեցած Հայկական Դաշտահանդէսը անոր կենդանի օրինակն է: Կազմակերպական Զարթօնքը սակայն կը պահանջէ հսկայ աշխատանք: Աշխատանք մը որ կը միտի գործի կուսակցութեան աշխատելաձեւերը զարգացնել ու յարմարցնել մեր վրայ պարտադրուած նոր պայմաններուն: Կազմակերպական աշխատանքներու կողքին մենք անտարբեր չենք կրնար մնալ ի տես սփիւռքի մէջ համաշխարհայնացման եւ ապազգայնացման սպառնալիքին դիմաց: Անտարբեր չենք կրնար մնալ Ջաւախքահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն նկատմամբ: Անտարբեր չենք կրնար մնալ մեր ազգին ու Հայրենիքին դիմարգուած քաղաքական դժուարութիւններուն դիմաց: Աշխատանքներ, որոնց համար գործի կուսակցութիւնը հարկ եղածը ձեռնարկած է եւ գալիք տարիներու հրամայականը պիտի ըլլան վերոյիշեալ գործունէութիւններու կողքին:
Սիրելի ներկաներ,
Այն էութիւնը որ չի աճիր եւ չի յառաջդիմէր դատապարտուած է մահուան:
Այսօր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կազմակերպական կառոյցի հիմնադրութեան 60 ամեակի սեմին հպարտ ենք ըսելու որ մեր կառոյցը 60 տարիներու ընթացքին աչքառու աճ արձանագրած է: Սակայն, միեւնոյն ժամանակ պէտք է ընդունիք որ մեր դէմ մարտահրաւէրներ կան որոնցմէ հիմնական է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարական վաստակը վերակենդանացնել՝ վերադառնալ մեր գաղափարական արմատներուն եւ գուրգուրալով մեր գաղափարաբանութեան հիմքերը հանդիսացող՝ ընկերվարական, ազգային եւ ժողովրդավարութեան գաղափարները բերելու 21 րդ դար: Առանց հենակէտ ունենալու մեր գաղափարական արմատները մեր արձանագրած յաջողութիւնները պիտի ըլլան մակերեսային:
60 ամեակի սեմին մեր հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր Հայի ըլլայ այն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարին ու ծրագրին ուխտեալ շարքային թէ անոնց հաւատացող համակիր, զինել Քրիստափորի նուիրուածութեամբ, Գէորգ Չաւուշի քաջութեամբ, Հրայր Դժոխքի ժողովրդասիրութեամբ, Նիկոլ Դումանի ռազմագիտութեամբ, Արամի տեսլապաշտութեամբ, Սողոմոն Թէհլիրեանի կարգապահութեամբ, Աբօ Աշճեանի խիզախութեամբ, Սարգիս Զէյլթեանի գաղափարապաշտութեամբ, Շահէն Մեղրեանի յանդգնութեամբ եւ Յարութ Բանոյեանի ազնուութեամբ:
Մեր պայքարի ճանապարհը երկար է քանզի ունինք բռնագրաւուած հողեր, զէնքի ուժով խլուած իրաւունքներ, քերուած հայրենիք եւ շրջափակուած հայրենակիցներ: Պայքարի ճանապարհի ընթացքին մերթ ընդ մերթ նման արժեւորումներ կատարելով է միայն որ օրէ օր, տարիէ տարի աւելի կը մօտենանք Հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն վերատիրացման նպատակին:
Թոյլ տուէք խօսքս փակեմ մէջբերելով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի խօսքը՝
“Դաշնակցութիւնը քննադատութենէ եւ պայքարէ վախցող չէ։
Բան ունիք ըսելիք – Հրամեցէ’ք…
Բայց, փաստ տուէք, միտք տուէք, տեսակէտ յայտնեցէք, եթէ ունիք…
Եւ պարկեշտ եղէք… Պարկեշտ թէ՛ ձեզ հետ, թէ՛ հակառակորդի վերաբերմամբ։
ՍՈՒՏԸ ԵՒ ՀԱՅՀՈՅԱՆՔԸ ՏԿԱՐԻ ԶԷՆՔ ԵՆ…”
Շնորհակալութիւն
comments
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է