Խոր հիասթափութեամբ ու ամօթի ճնշուածութեամբ կը հետեւինք Յունուար
17-էն սկսած Ազրպէյճանի բռնատիրական կարգին կողմէ կազմակերպուած ստոր
բեմադրութեան, որ կը միտի շինծու մեղադրանքներով դատապարտել ազատ
Արցախի հանրապետութեան ղեկավար դասը, որոնք իրենց ժողովուրդի արդարացի
իրաւունքներու ձեռքբերման միջոցով տարիներ շարունակ ապահովեցին անոր ազատ ապրելու եւ ստեղծագործելու մարդկային տարրական իրաւունքը:
Այսօր Պաքուի մէջ դատուողները՝ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Ռուբէն Վարդանեան, Դաւիթ Իշխանեան, Դաւիթ Բաբայեան, Լեւոն Մնացականեան եւ Դաւիթ Մանուկեան, սոսկ պատահական անձեր չեն, այլ կը ներկայացնեն Արցախն ու հայութիւնը, հետեւաբար հայութիւնը իր բոլոր խաւերով պէտք է պայքարի եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրէ, այս անարդարութեան նկատմամբ, բոլոր ազդու միջոցներով:
Մենք կը պահանջենք որ վերջ տրուի Պաքուի այս խեղկատակութեան, ակնկալելով Հայաստանի իշխանութիւնն ու անոր Ազգային ժողովը դիմեն միջազգային կառոյցներուն ու դատարանին, որ յիշեալ ութը ղեկավարները եւ անոնց կողքին բազմաթիւ ապօրինի գերիվարուածները ազատ արձակուելով տեղափոխուին Հայաստան:
Մենք կը պահանջենք ժողովրդավար ու ազատ աշխարհէն, որ յարգուին մարդկային իրաւունքները եւ իրենց միջոցով ճնշում բանեցուի եւ պատժամիջոցներու կիրարումով պարտադրուի բռնակալ Ալիեւին, ազատ արձակելու այս պատանդ գերիները, որպէսզի յարգուին մարդկային ազատ գործելու իրաւունքները եւ յստակ քայլ մը առնուի մարդկային ազատ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ