Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի

By ARF AU | Monday, 27 May 2024



1918ի առաջին կէսին հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր ճակատագրական օրեր: Պատերազմական գործողութիւններուն Ռուսիոյ մասնակցութիւնը դադրեցնելու պոլշեւիկ իշխանութիւններուն որոշումը պատեհ առիթ ստեղծեց Օսմանեան բանակին՝ վերագրաւելու Ա. Աշխարհամարտին կորսնցուցած տարածքները:

Պաթումի եւ Կարսի անկումով, Օսմանեան բանակին առջեւ կը բացուէին Արեւելահայաստանի դռները: 15 Մայիսին Ալեքսանտրապոլի (այսօրուան Գիւմրիի) գրաւումով, թշնամին կը հասնէր Երեւանի սահմաններուն:

Պահն իսկապէս օրհասական էր եւ անոր լրջութիւնը վաղուց հասկցած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործիչ, յետագային Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Արամ Մանուկեանը, որ խիզախօրէն կը յայտարէր. «Մենակ ենք եւ պէտք է ապավինենք միայն մեր ուժերին»:

Մեկնելով ապահովական մտահոգութիւններէ, 18 Մայիսին Արամ կը յորդորէ Կաթողիկոս Գէւորգ Ե-ին լքել Էջմիածինը: Սակայն հոգեւոր առաջնորդը կը մերժէ. աւելի՛ն, Կաթողիկոսի հրահանգով վեց օր անդադար կը ղօղանջեն եկեղեցւոյ զանգերը՝ ահազանգելով հայ ժողովուրդի կեանքի ու մահուան օրհասական կռիւը: Կը ղօղանջեն զանգերը՝ կանչելով սրբազան քաջերուն եւ անոնք կու գան ամէն կողմէ. բանուոր, մշակ, արհեստաւոր ու բանաստեղծ կ՛անսան զանգերու ղօղանջին՝ փրկելու իրենց ընտանիքը, ազգն ու ինքնութիւնը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի պատմական ճակատներուն վրայ: Մայիսեան այս յաղթանակներով, վեց դարերու խաւարէ ետք կը հիմնուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը եւ երկար տարիներու ազգային ազատագրական պայքարէ ետք հիմը կը դրուի հայկական պետականութեան:

Արտաքին եւ ներքին հսկայական մարտահրաւէրներ դիմագրաւող առաջին հանրապետութիւնը դժբախտաբար երկար կեանք չունեցաւ: Սակայն անոր գոյութիւնը ինքնին մեր ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումը կը հանդիսանայ, որովհետեւ իր գոյութեամբ ան երաշխաւորեց հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի իբրեւ երկիր եւ պետութիւն գոյատեւումը։ Այդ անկախ հանրապետութեան ժառանգորդն էր Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը։ Այդ անկախ հանրապետութեան ժառանգորդն է նաեւ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Մայիս 1918ի այդ ճակատագրական օրերէն 106 տարիներ ետք, այսօր ազգովին կը խոնարհինք պետականակերտ այդ սերունդի յիշատակին առջեւ, երախտապարտ՝ անոնց անծայրածիր հաւատքին ու վճռակամութեան` ոչինչէն ստեղծելու հայկական պետականութեան հիմքերը:

Այդ պատմական օրերէն 106 տարներ ետք, թշնամին անգամ մը եւս ներխուժած է մեր երկրի տարածքը, յանձինս՝ Ազրպէյճանական բանակին եւ թոյլտուութեամբ ու համաձայնութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած ազգադաւ իշխանութիւններուն: Եւ անգամ մը եւս ոտգի կանգնած է հայոց եկեղեցին՝ ղօղանջելով հայոց անկախութեան ու պետականութեան համար շարունակուող Սրբազան Պայքարի զանգերը:

1918էն 2024 երկարող մեր պատմութեան թելի առանցքը կը կազմեն անկախ պետականութեան վեհ գաղափարը՝ պսակուած ազգային, իսկապէ՛ս եւ ոչ լոկ երեւութապէս ժողովրդավար, ժողովրդային, հայկական ինքնորոյն կառավարոթեան տեսլականով:

«Տավուշը Հանուն Հայրենիքի» անուան տակ ծագում առած շարժումը այսօր կու գայ աշխարհասփիւռ հայութեան մէջ անգամ մը եւս արթնցնելու այս գաղափարին ու տեսլականին հանդէպ մեր հաւատքն ու նուիրումը` հրամայական ունենալով դիմակայել հայրենի ինքնիշխանութեան ու պետականութեան ներքին եւ արտաքին սպառնալիքները:

Եթէ ընդունինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Սիմոն Վրացեանի խոսքերը, որ «Հայ մարդը անկախությունը իրեն համար համարում է ազգային գաղափար», ուրեմն հայ ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով, համայն Սփիւռքով եւ Հայաստանով պէտք է զօրավիգ կանգնի այս շարունակուող Սրբազան Պայքարին:



comments

Advertisement