By ARF AU | Saturday, 25 March 2023
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ շրջանի 50-րդ Շրջանային Ժողովը կու գայ հաստատելու իր անվերապահ զօրակցութիւնը Արցախահայութեան Ազատ ինքնորոշման իրաւունքին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ շրջանի կուսակցական բարձրագոյն ժողովը, մեկնարկեց իր աշխատանքները 24 Փետրուար 2023-ին, ներկայութեամբ 40 պատգամաւորներու եւ հիւրերու, ինչպէս նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ՝ Խաժակ Մկրտիչեանի:
Լսելէ ետք, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ Քայլար Միքայէլեանի զեկոյցը, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Շրջանային Ժողովը, որ մշակեց կազմակերպութեան յառաջիկայ երկամեայ շրջանի ուղեգիծը, որոշեց իր հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի գործ դնել, Արցախի ու Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան ի խնդիր:
Աւելի քան երեք ամիսէ Ազատ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումը արտաքին աշխարհէն, կու գայ համալրելու հերոս Արցախահայութեան վերջին տառապանքները, որոնք սկիզբ առած էին 2020 թուականի Արցախեան 44 օրեայ պատերազմով:
Միջազգային հանրային կարծիքը հիմնուելով Ազրպէճեանի կողմէ ներկայացուած խաղաղութեան զրպարտութիւններուն, յաջողեցաւ ճնշում բանեցնել Հայաստանի կառավարութեան վրայ եւ հեռացնել վերջինս Արցախի իրենց հայրենակիցներու պաշտպանելու պատասխանատուութիւնէն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողովը բացարձակապէ՛ս կը մերժէ Արցախահայութեան տեղահանման ջանքերը Արցախի Հանրապետութեան տարածաշրջանէն դուրս եւ կը հաստատէ 1991 թուականի Սեպտեմբերի հանրաքուէով իրագործուած ազատ ինքնորոշման իրաւունքները:
Առ Այդ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ շրջանը կը համագործակցի Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք կ’աշխատին առանց տատամսելու եւ անսասան յանձնառութեամբ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի Հողերու պաշտպանութեան
Շուշիէն՝ մինչեւ Վան, Հատրութէն մինչեւ Անի:
Մեր կազմակերպութիւնը յառաջիկայ երկամեակին կը հաստատէ՝ թէ անվարան յանձնառութեամբ պիտի աշխատի իր հովանիին տակ գործող երիտասարդական, քաղաքական, մարդասիրական, մարզական, մշակութային, կրթական ուղեկից միութիւններուն հետ յանուն Արցախի եւ Արցախահայութեան:
Ի դիմաց ՀՅԴ Աւստրալիոյ 50-րդ Շրջանային Ժողով
Սիտնի 26 Փետրուար 2023
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է