Մայիս 9ի խորհուրդով. Հայաստանի իշխանութիւնները չունին իրաւունքն ու մանդատը՝ Արցախը Ազրպէյճանի յանձնելու։

By ARF-AU | Tuesday, 09 May 2023



Մայիս 9ի խորհուրդով.


Հայաստանի իշխանութիւնները չունին իրաւունքն ու մանդատը՝ Արցախը Ազրպէյճանի յանձնելու։


Մայիս 9ը արդի հայ պատմութեան մէջ դրոշմուած է իբրեւ յաղթանակի օր՝ ամրապնդուած յատկապէս 1992ի Շուշիի ազատագրմամբ, որ այնուհետ առանձքային ազդեցութիւն ունեցաւ Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին վրայ։


Այսօր, Շուշին դարձեալ բռնագրաւուած է եւ այս բերդաքաղաքի անկումը կը մնայ 2020ի Արցախեան պատերազմի ամէնէն խնդրահարոյց հարցերէն մէկը։ Արդարեւ, մինչ շշուկներ սկսած էին արդէն տարածուիլ թէ Շուշին յանձնուած է, իշխանութիւնները կը շարունակէին հանդէս գալ «Շուշիի համար մարտերը շարունակվում են» եւ «հաղթելու ենք» իրենց հռետորական յայտարարութիւններով։


Իրականութեան մէջ իշխանութիւններու ցուցաբերած այս երկուութիւնը իւրայատուկ չէ միայն Շուշիին։ Ընդհանրապէս Արցախի հարցին նկատմամբ այս իշխանութիւններու սկզբնական յայտարարութիւններն ու ներկայ կեցուածքները ամբողջովին անյարիր են իրար։


Իշխանութիւնը ստանցնելէն կարճ ժամանակ ետք՝ Հոկտեմբեր 2018ին Ազգային ժողովին մէջ ելոյթի մը ընթացքին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյան կը վստահեցնէր, որ առանց ժողովուրդին կարծիքը հաշուի առնելու իշխանութիւնը չի կրնար լուծել Ղարաբաղի հարցը, աւելցնելով՝ «ժողովրդի կարծիքն է էն վճռական գործոնը, որը պետք է որոշի՝ Ղարաբաղի հարցի լուծման այս կամ այն տարբերակը մեզ ձեռնտու է, թե ձեռնտու չէ: Ղարաբաղի հարցի թաքուն լուծում, թաքուն տարբերակ, որ մեկ էլ մի օր, հոպ, արթնանանք տենանք Ղարաբաղի հարցը լուծվել է և տենց մնացել ենք մենք կամ հանրությունը․․․ էդպիսի բան չի կարող լինել ուղղակի։»


Այս յայտարարութենէն ընդամէնը ամիսներ ետք՝ Օգոստոս 2019ին, Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի մը ընթացքին, Փաշինյան արտասանեց իր բաւական նշանաւոր խօսքերը՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՜րջ»։


Այս խօսքերը կը հետեւէին քանի մը ամիս առաջ, Մարտ 2019ին Պաշտպանութեան Նախարարի «նոր պատերազմ, նոր տարածքներ», յոխորտանքին։ Նիւ Եորքի հայ համայնքին հետ հանդիպումի մը ընթացքին այսպէս արտայայտուած էր Դավիթ Տոնոյանը. «Ես` որպես պաշտպանության նախարար, ասում եմ՝ «տարածքներ՝ խաղաղության դիմաց» ձևաչափը ես այսօր վերաձևակերպում եմ, մենք հակառակն ենք անելու՝ «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքների դիմաց»:


Նոյնիսկ 2020ի աղետալի պատերազմէն ետք, որոշ ժամանակի համար իշխանութիւնները շարունակեցին խօսիլ Արցախի միջազգային ճանաչումը հետապնդելու իրենց մտադրութեան մասին՝ «անջատում յանուն փրկութեան» սկզբունքին հիման վրայ, որ անջատման իրաւունք կու տայ վտանգուած ժողովուրդներու։


Արդարեւ, 2021ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Փաշինյան քանի մը անգամ հանդէս եկաւ Արցախի անկախութեան մասին։ Աւելի՜ն, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին մէջ վերոյիշեալ սկզբունքի կիրարումը առանցքային կը նկատուէր Արցախի հարցի կարգաւորման իմաստով։


Ի հեճուկս ի՛ր իսկ կեցուածքներուն եւ նախընտրական խոստումներուն, Փաշինյան այսօր բոլորովին այլ դիրքերէ հանդէս կու գայ։ Բոլորի մտքերուն մէջ թարմ են Ապրիլ 2022ին Արցախի կարգավիճակին նկատմամբ «նշաձողը իջեցնել»ու անհրաժեշտութեան մասին իր խնդրահարոյց յայտարարութիւնը, որմէ անմիջապէս առաջ Պրիւքսէլի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի մը ընթացքին համաձայնած էր խաղաղութեան համաձայնագրի մը շուրջ աշխատանքներ սկսիլ։


Այսօր փաստ է որ նման համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին։ Փաստ է նաեւ, որ Փաշինյան ճանչցած է Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութիւնը», եւ ինչպէս 18 Ապրիլին կը յայտարէր այդ մօտեցումը բանալի հիմք կը նկատէ խաղաղութեան պայմանագրի մը իրականացման համար։


Պարզ իրականութիւնը այն է, որ Արցախը Ազրպէյճանի յանձնելու որեւէ փորձ կը նշանակէ Արցախահայութիւնը ենթակայ դարձնել ստոյգ բնաջնջման եւ Արցախը հայաթափել։ Փաշինյանը չունի այս մէկը կատարելու բարոյական իրաւունքը, ժողովրդական մանդատը կամ սահմանադրական լիազօրութիւնը։ Մայիս 9ի խորհուրդը այսօր մեր բոլորին կը թելադրէ մնալ պահանջատէր Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի նկատմամբ։


«Դրօ» Կեդրոնական Կոմիտէ



comments

Advertisement