By ARF AU | Sunday, 27 October 2024
«Կատարե՛նք մեր պարտքը մեր թշուառ ժողովուրդին հանդէպ… Փա՞ռք, ծա՞փ, դափնինե՞ր…ունայնութիւն ունայնութեանց…»
Միքայէլ Վարանդեանի խօսքերով առաջնորդուած, 60 տարիներ առաջ, 12 երիտասարդներ ծառի մը տակ հիմը դրին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցին:
Ոչ փառք, ոչ ծափ եւ ոչ ալ դափնիներ ակնկալելով, այլ ընդհակառակը համեստութեամբ ու խոնարհութեամբ, հաւատարիմ իրենց երդումին, գերադասելով հաւաքականին շահը, կեանքի կոչեցին այն կազմակերպութիւնը որ 60 տարիներ շարունակ անխոնջ նուիրումով կը շարունակէ ծառայել Աւստրալահայ գաղութին, մեր ազգին եւ Հայրենիքին:
Այս օրերուն հաւանաբար դիւրին պիտի թուէր նման աշխատանք մը կատարելը, սակայն պահ մը երբ մենք մեզ փոխադրենք 1964 թուական, ուր չկային այսօրուան հաղորդակցութեան եւ դիւրութեամբ ճամբորդելու միջոցները, չկային ներկայ մեր ամէնօրեայ կեանքի պարգեւած փառքերը, այլ կար նոր հաստատուուղ ընտանիքներուն համար Աւստրալիա գործելաոճին, լեզուին ու ապրելակերպին համակերպումի դժուարութիւնը: Այս դժուարին պայմաններուն մէջ մեր 12 ընկերները, կամքի ուժով, յաղթահարեցին այդ դժուարութիւնները:
60 տարիներ առաջ սերմանուած հունտերը տուին իրենց պտուղները.
Համազգայինը իր ամէնօրեայ եւ միօրեայ դպրոցներով, պարախումբերով, արուեստագէտներու խումբերով, երգչախումբերով ու թատերախումբերով,
ՀՄԸՄը իր սկաուտական ու մարզական խումբերով,
ՀՕՄը իր բարեսիրական ու ամէնուրեք Հայուն հասնելու առաքելութեամբ,
Դաշնակցականակերտման դարբնոց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւնները, որոնց մէջ կը թրծուին ու կը պատրաստուին պահանջատէր սերունդներ,
Հայ Դատի գրասենեակը իր զինուրագրեալ փաղանգներով,
Արմենիան ու Մամուլը իր զանազան լրատուամիջոցներով:
Անհնար է երեւակայել մեր գաղութը առանց վերոյիշեալ պտուղներուն, որոնք հայպահպանման եւ ազգապահպանման համար Դաշնակցութեան կողմէ Աւստրալահայ գաղութին տրուած պարգեւներ էին:
Այս յոբելեանը նշելով չենք կրնար միայն յիշատակել այն ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները զորս արձանագրած ենք, այլ նաեւ մեր հայեացքը սեւեռած ապագայի վրայ, պէտք է շարունակենք մեր աշխատանքը:
Այս յոբելեանը մեզի կը պատգամէ քաջութեամբ ու վճռականութեամբ դիմակայել մեր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, աննահանջ երթով ու անխոնջ նուիրումով շարունակել մեր հիմնադիր սերունդին աշխատանքը՝ յանձնառու մնալով մեր ազգային ազատագրական դատին եւ Աւստրալահայ գաղութի կազմակերպման եւ պահպանման աշխատանքին:
Բիւր յարգանք՝ մեր հիմնադիր սերունդին: Ձեր վարձքը կատար:
Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք. Նաճարեան
Արժանապատիւ Քահանայ Հայրեր
Յարգարժան Վերապատուելի
Պատկառելի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ
Պատուարժան ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեանց ներկայացուցիչներ
Յարգարժան ՍԴՀԿ-ի Վարիչ Կազմի ներկայացուցիչներ
Յարգարժան Կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ
Սիրելի ներկաներ,
Դիւրին պարտականութիւն մը չեմ կրնար համարել Ձեր բոլորին առջեւ ներկայանալ ու խօսք արտասանել նման առիթներուն երբ հայաթափուած է Արցախը, վտանգուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, գերութեան մէջ են Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ու Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրենց ծաւալապաշտական ու ցեղասպանական քաղաքականութեամբ կը փորձեն բաժնել մեր Հայրենիքը, մինչ մէկ կողմէն մեր Հայրենիքի ղեկավարութեան գլուխը անցած է ապազգային վոհմակը իսկ միւս կողմէն, արեւմուտքի ու արեւելքի մօտիկ թէ հեռաւոր բարեկամներն ու դաշնակիցները ձեռնածալ կը դիտեն:
Հիասթափուա՞ծ ենք՝ ԱՅՈ: Սակայն ՈՉ յուսալքուած: Չենք կրնար ըլլալ:
Երբ թերթատենք մեր պատմութեան էջերը, պիտի տեսնենք որ Հայը միշտ ալ գտնուած է նման կացութեան մէջ: Սակայն երբեք սուգն ու պարտութիւնը յաւերժական չեն եղած, քանզի Հայը երբեք չէ հաշտուած կորուստին ու սուգին հետ, այլ ընդհակառակը Քրիտսափորեան կամքով պայքարի կրակը վառ պահած է եւ ուշ թէ կանուխ շրջանցած է նման մութ էջերը: Անատարբեր մնալը տարբերակ չէր անցեալին եւ այսօր ալ չի կրնար ըլլալ:
Դաշնակցութեան օրուան նշումին էութիւնը տօնախմբութիւն չէ այլ հաշուետուութիւն: Հաշուետուութիւն ձեր դիմաց՝ մեր կողքին եղող զօրակից հանրութեան դիմաց:
Վերոյիշեալ պարագաներուն մէջ ղեկավարելն ու ստեղծագործելը հիմնական մարտահրաւէրներ եղած են Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցին համար: Սակայն մեր կամքը ընկրկում չի ճանչնար:
Արցախի շրջափակման օրերուն ու անկէ ետք Աւստրալահայ գաղութը անտարբեր չէր: Բողոքի ցոյցերով, քարոզարշաւներով ու օժանդակութեան աշխատանքներով Աւստրալահայութիւնը ճիգ չխնայեց սփոփելու Արցախհայութեան վիշտը: Նոյնինքն տեղահանութեան ժամանակ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախունբի խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը ականատես եղաւ անմարդակային արարքներուն: Այսօր այդ խորհրդարանականներէն իւրաքանչիւրը Արցախահայու ձայնն են որոնք կը դատապարտեն Ազրպէյճանի Ցեղասպանութիւնը եւ կը պահանջեն Արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրականացումը: Արցախի գաղափարը միշտ վառ պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ եւ քիչ առաջ «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձանի բացումով նոր սերունդին մտքերուն մէջ յաւերժականօրէն պիտի դրոշմուի Արցախհայութեան ու Արցախի համար յարատեւ պայքարելու նպատակը:
Գաղափարական ու քաղաքական երիտասարդութեան պատրաստման աղբիւր հանդիսացող Աւստրալիոյ Երիտասարդական ու Պատանեկան Միութիւնը միշտ եղած է մեր ուշադրութեան առարկան: Հոն է որ կը թրծուի մեր ներկան: Հոն է որ կը պատրաստուի այն երիտասարդութիւնը, որ մէկ օրուան ընթացքին չորս տարբեր դեսպանատուներու դիմաց իր բողոքի ձայնը բարձրացուց ի տես Արցախի հայաթափման: Այս այն միութիւնն է որուն անդամներէն երկու տասնեակ իրենց մասնկցութիւնը բերին Գորիսի եւ Հրազդանի մէջ կազմակերպուած ճամբարներուն: Ծրագիր մը որ տասնամեակէ մը ի վեր ի գործ կը դրուի նպաստելու Հայրենիքի մեր պատանեկան եւ երիտասարական կառոյցներու բարգաւաճման:
Հաւատալով մեր ուղեկից միութիւններու դերակատարութեան, այս յոբելեանին որոշեցինք տալ համկազմակերպական բնոյթ, որուն համար հրաւիրուած էին ոչ միայն Դաշնակցութեան այլ նաեւ ուղեկից միութիւններու պատկան մարմիններու ատենապետները: Դժբախտաբար Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետները մեր հետը չեն այսօր Լիբանանի պայմաններու բերումով սակայն գաղութը վայելեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի ներկայութիւնը, որուն համար շատ երախտապարտ ենք:
Այսօր ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի 60 ամեակը երբ կը նշենք չենք կրնար չյիշել մեր հովանին տակ գործող ուղեկից միութիւնները, որոնք առանց ընկրկումի վեց տասնամեակ շարունակ եղած են Դաշնակցութեան կողքին՝ Ծնողք - Զաւակ յարաբերութեան դրսեւորումով: Յարաբերութիւն մը, որուն մէջ պիտի տեսնենք գուրգուրանք, սէր, ըմբոստութիւն եւ համերաշխութիւն: Ահաւասիկ մեր համագործակցութեան եւ հաւաքական աշխատանքի գաղտնիքն ու բանալին:
Համզգայինը երիտասարդացած ղեկավարութեամբ այսօր ճիգ չի խնայեր միութիւնը նորանոր յաջողութիւններու հասցնելու հայապահպանման եւ ազգապահպանման սուրբ գործին մէջ:
ՀՕՄը իր մասնաճիւղերով ու ժրաջան աշխատանքով, ինչպէս միշտ, կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, առաջնորդելով կազմակերպութեանս բարեսիրական առաքելութիւնները:
ՀՄԸՄը իր կամաւոր բանակով ու երիտասարդներով լի շարքերով կը շարունակէ ըլլալ մեծագոյն միութիւնը, որուն մէջ սկաուտական եւ մարզական դաստիրակութեան կողքին կը ջամբուի Հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւն:
Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութիւնը, որ իր հիմնադրութեան 10 ամեակը կը նշէ այս տարի, կու գայ վերստին կարեւորելու մամուլի դերը սփիւռքի այս հեռաւոր ափերուն մէջ: Իր ներկայացուցած հարցազրոյցներով ու ծրագիրներով, Արմենիան ճիգ չի խնայեր յագեցնելու համար գաղութի լրատուական ծարաւը:
Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու կեդրոնը հակառակ զանազան դժուարութիւններու կը շարունակէ ծառայել մեր գաղութի զաւակներուն:
Այս բոլորը յիշելով չենք կրնար ըսել որ անսխալական ենք: Կազմակերպական վերաշխուժացման ու պայքարի եւ աշխատանքի ջահը վառ պահել մեր գաղութին ու յատկապէս կազմակերպութիւններէն ներս պիտի շարունակեն մնալ մեր առաջնահերթութիւնները, որոնց արդիւնքը պիտի տեսնենք մեր ծրագիրներու յաջողութիւններուն ընդմէջէն:
Սիրելի ներկաներ,
Դաշնակցութեան տիտաններէն ըկեր Հրաչ Տասնապտեան ըսած է «Լոկ պատմական երեւոյթ չէ Դաշնակցութիւնը: Անիկա, հոգեբանական եւ գաղափարախօսական տեսակէտէ, ամէնէն հարազատ արտայայտութիւնն է յաւերժական հայութեան հոգեբնախօսական կառոյցին: Ան իր մէջ կը մարմնաւորէ այդ կառոյցին ամէնէն հիմնական յատկանիշները,- ազատութեան պաշտամունք, հոգեկան արիութիւն, ազգային հպարտութիւն:»
Այսօր երբ վերոիշեալ երեք յատկանիշները՝ ազատութեան պաշտամունքը, հոգեկան արիութիւնը եւ ազգային հպարտութիւնը կը թիրախաւորուին ոչ միայն մեր վաղեմի թշնամիներու կողմէ այլ մեր Հայրենիքի իշխանութիւններու կողմէ՝ կը նշանակէ որ մեր աշխատանքն ու ճիգերը պէտք է կրկնապատկուին, մեր պայքարի ոգին ամրապնդուի ու Քրիստափորի բառերով շարունակենք կատարել մեր պարտքը քանզի մնացեալը ունայնութիւն է:
Անխոնջ պայքար, անսակարկ նուիրում, աննահանջ երթ, զոհողութիւն եւ ծառայութիւն այսպէս բնորոշուած է մեր վերջին 60 տարիներու գործը: Այսօր, 60 ամեակի այս հանդիսութեան ընթացքին Ձեր դիմաց սիրելի ժողովուրդ կու գանք յայտարարելու թէ նոյն թափով եւ նոյն վճռականութեամբ պիտի շարունակենք մեր գործը, մեր պայքարը յանուն մեր գաղութին, ազգին ու Հայրենիքին ու, Քրիստափորի պատգամով, երբեք չշեղուինք այդ ճանապարհից, այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով:
Շնորհակալութիւն
comments
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է