Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ

By Asbarez | Saturday, 11 June 2022

ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- «Սուրիա պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ պիտի դիմադրէ թրքական որեւէ գործողութեան», յայտարարեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին: Ան յիշեցուց, որ Սուրիական բանակը երկու տարի առաջ թրքական բանակին կորուստներ պատճառեց, իրենց միջեւ բախումի մը ընթացքին»:

Սուրիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիա թիրախն է պատերազմի մը, որ համայնավարութենէն եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ իսկ սկսած է, եւ այսօր Ռուսիոյ նպատակն է կորսուած համաշխարհային հաւասարակշռութեան վերականգնումը:

Միւս կողմէ, Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, յղում կատարելով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ ծրագրուած գործողութիւններու շրջանը այցելած լրագրողներու՝ հաղորդեց, որ թրքական բանակը յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսի իր գործողութիւններուն:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտնած էր, որ թրքական զինեալ ուժերը երկրին սահմաններուն վրայ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու» համար գործողութիւններ պիտի կատարեն, եւ այդ առնչութեամբ որոշումը շուտով պիտի տրուի: Ըստ կարգ մը մամլոյ տեղեկութիւններու՝ այդ գործողութիւնները տեղի պիտի ունենան սուրիական 4 շրջաններու մէջ:

«Շրջանին մէջ եռուզեռը աւելցած է. Թել Ռիֆաաթի գիւղական շրջանի եւ Մընպեժի առաջին գիծերուն վրայ թրքական զինուորական ստորաբաժանումներ կ՛երեւին` սպասելով գործողութիւնը սկսելու լուրերուն», կը նշէ «Հիւրրիյէթ»ը:

Ըստ նոյն թերթին՝ Ռաքքա քաղաքի հիւսիսային ծայրամասին մէջ գտնուող Այն Իսա շրջանին մէջ ծրագրուած գործողութեան բոլոր պատրաստութիւնները դադրած են, որովհետեւ Ռուսիա այդ գործողութեան համաձայն չէ գտնուած` նկատի ունենալով այն, որ այդ շրջանէն կ՛անցնի «Էմ. 4» ճամբան, որ Հասաքէ, Ռաքքա, Տէր Զօր եւ Հալէպ քաղաքները զիրար կը կապէ: Ըստ թերթին, Ռուսիա յաւելեալ ուժեր ուղարկած է շրջանը:

comments