Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են

By Asbarez | Tuesday, 18 October 2022

Խրիմի կամուրջը պայթեցնելու քրէական գործով ձերբակալուած են հինգ մեղադրեալներ, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»ը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ռուսական  դատական աղբիւրներէ:

«Անոնք բոլորն ալ ունին կասկածելիի կարգավիճակ, բոլորին նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է մինչեւ 8 Դեկտեմբեր բանտարկութիւնը», կը գրէ լրատու գործակալութիւնը:

Աւելի կանուխ հաղորդուած էր կասկածելիներու ձերբակալութեան մասին, որոնք են՝ Հայաստանի քաղաքացիեր Արտեմ Ազատեան, Կէորկի Ազատեան, Արթուր Տերչանեան եւ Ուքրանիոյ քաղքացիներ՝ Ռոման Սոլոմքոյ եւ Վլատիմիր Զլոպի։

Նախապէս հաղորդուած էր նաեւ, թէ հինգ ռուսեր առնչութիւն ունին պայթումին հետ եւ թէ ձերբակալուած են երեք ուրիշներ։

comments