Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է

By Asbarez | Tuesday, 18 October 2022

 



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Աիեւի հետ անցեալ շաբաթ ունեցած հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս շեշտեց, որ պատմական սահմաններու եւ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն անընդունելի է Իրանի համար:

Այս մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Իրանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Մոհամմատ Ճամշիտի:

«Նախագահ Ռայիսի Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւին հասկացուց, որ անընդունելի է պատմական սահմաններու, տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութեան, Իրան-Հայաստան տարանցիկ երթուղիներու որեւէ փոփոխութիւն: Նաեւ եւրոպական ռազմական ներկայութիւնը՝ ցանկացած քօղի տակ, կը մերժուի: Արեւմուտքը ռազմավարական առումով չի կնար շեղել մեր ճամբան», նշեց Ճամշիտին:

Նշենք, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները անցեալ շաբաթ հանդիպած էին Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած Ասիոյ գործակցութեան եւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման համաժողովին ծիրին մէջ:

comments