Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը

By Asbarez | Friday, 05 August 2022




ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնապէս դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Ապտալլա Շահիտի այցելութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը:

Նախարարութիւնը 29 Յուլիսին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «ՄԱԿի լիազօրուած մարմինները ներկայացնող անձեր պէտք է գործեն ՄԱԿի օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւական արժեչափերուն եւ կանոններուն համապատասխան, մասնաւորաբար, 1948ի ՄԱԿի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» ուխտին: Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերը եւ միջազգային օրէնքը կեղծելու փորձերը: Թուրքիա այն կարծիքին է, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն եռաբեռող փաստերը պէտք է քննուին ամբողջական կերպով, արդար եւ ազնիւ շրջանակներու մէջ»:

Նաեւ կը նշուի, որ Շահիտի Հայաստան այցելութիւնը օգտագործուած է՝ իբրեւ «հայկական միակողմանի թէզերու գործիք» եւ կը պահանջուի, որ ան այսուհետեւ աւելի ուշադիր եւ պատասխանատու ըլլայ:

Յիշեցնենք, որ Շահիտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ծաղիկներ զետեղեց եւ շրջագայեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, սակայն աւելի ուշ այս մասին գրառումը «Թուիթըր»ի իր էջէն հեռացուց, տեղի տալով Անգարայի ճնշումներուն։

comments