By Asbarez | Friday, 23 September 2022
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանը զգուշացուց սադրանքներու դիմելէ. Այլապէս արժանի պատասխան պիտի տանք», ըսաւ ան: Այս յայտարարութիւնները Իլհամ Ալիեւ կատարեց 21 Սեպտեմբերին, Լաչինի մէջ, կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
«Այսօր Հայաստան պէտք է լաւ մտածէ: Ոչ ոք մեզի հետ վերջնագիրներով կրնայ խօսիլ եւ ոչ ոքի վրայ յոյս թող դնեն: Ես անգամ մը եւս կ՛ուզեմ ըսել՝ մեզ ոչ ոք եւ ոչինչ կրնայ կասեցնել: Մենք իրաւունքի, արդարութեան, միջազգային իրաւունքի կողմնակից ենք, կը պաշտպանենք, կը պահպանենք ու կը վերականգնենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ամբողջ աշխարհին ցոյց տուած ենք, թէ ի՛նչի ընդունակ ենք, մենք ուժով ազատագրեցինք մեր հողը եւ կը հպարտանանք անորմով», յայտարարեց Ալիեւ:
Ան ըսաւ, թէ Հայաստան խաղաղութիւն չ՛ուզեր եւ փոխվրէժի միտքեր ունի: Ալիեւ դժգոհ է, որ պաշտօնական Երեւան գրեթէ մէկ տարի է կը ձգձգէ սահմաններու սահմանագծման գործընթացը, իսկ հիմա անիկա պարզապէս ձեւական բնոյթ կը կրէ եւ ոչ մէկ էական բան կայ եւ քարտէսներու մասին քննարկումներ չկան:
Ալիեւ պնդեց, որ ատրպէյճանական կողմը նախապատրաստած է 20րդ դարու եւ նախորդ ժամանակաշրջանի քարտէսներ եւ անոնց հիման վրայ պէտք է սահմանազատման աշխատանքներ տարուին:
«Եթէ Հայաստան կ՛ուզէ մեզ մեղադրել, թէ մենք իրենց տարածքը մտած ենք, այդ մէկը ոչ մէկ հիմնաւորում ունի: Նախ եւ առաջ, եթէ սահմանները ըլլային հոն, ուր իրենք կ՛ըսեն, սահմանային ճարտարապետական աշխատանքներ կը տարուէին: Անոնք կը կարծէին, թէ ամբողջ Ղարաբաղը եւ Զանգեզուրը իրենց պիտի մնայ: Այդ պատճառով ալ ոչ մէկ բան ըրած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին», ըսաւ Ալիեւ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ