ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները

By Asbarez | Tuesday, 18 October 2022

ԵԽԽՎի մօտ Հայաստանի հարցերու համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիւնենը (Ֆիլանտա) եւ Պորիանա Ապերկ (Շուէտ) ԵԽԽՎի նիստին յայտարարեցին, որ իրենք անհանգստացած են Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ռազմական յանցագործութիւններուն կամ անմարդկային վերաբերմունքին մասին բազմաթիւ հաղորդումներով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը:

«Մենք կը նշենք, որ զինուորական դատախազութիւնը որոշած է հետաքննել փաստերը եւ յոյս ունինք, որ այդ հետաքննութիւնները պիտի ըլլան հրապարակային եւ թափանցիկ: Մինչ երկու կողմերն ալ զիրար կը մեղադրեն ռազմական գործողութիւններու վերսկսման յանցանքով, ատրպէյճանական զինուժը բռնագրաւած է Հայաստանի տարածքը՝ խախտելով Հայաստանի տարածքային ինքնիշխանութիւնը եւ Եւրոպական Խորհուրդի կանոնադրութեամբ հակամարտութիւնները խաղաղ ուղիով լուծելու՝ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնը», աւելցուցին համազեկուցողները:

«Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ ետ քաշուելու Հայաստանի տարածքի բոլոր հատուածներէն եւ ազատ արձակելու իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող ռազմագերիները: Միայն դիւանագիտական միջոցները արդար եւ տեւական պատասխան պիտի տան հակամարտութեան, եւ անոնք օգուտ պիտի բերեն երկու պետութիւններու բնակչութեան», կ՛եզրափակեն անոնք:

comments